2013-10-25 13:43:51

''Քրիստոնեայի մը պայքարը չարին դէմ` կը նշանակէ նաեւ անկեղծութեամբ խոստովանիլ մեղքերը '' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։


Ուրբաթ, 25 հոկտեմբերին , Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապպետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի քարոզը
ամբողջովին կեդրոնացուց խոստովանանքի խորհուրդին վրայ։ Ան ըսաւ ''Քրիստոնեային պայքարը չարին դէմ կը նշանակէ նաեւ վճռակամ եւ անկեղծութեամբ մեղքերը խոստովանիլ''։

Ներշնչուած սուրբ Պօղոսի Հռովմէացիներու ուղղած թուղթէն, Նորին Արբութիւնը ըսաւ`. ''Մենք չ՝ունինք քաջութիւնը խօսելու ՝ ինչպէս Սուրբ Պօղոս կը խօսի այս պայքարի մասին։ Յաճախ մենք մեզ արդարացնելու ուղիներ կը փնտռենք ըսելով թէ ամէնքս մեղաւոր ենք։ Եթէ մեղաւոր ըլլալը պարզապէս բառ մը կամ ձեւ մըն է, ուրեմն Աստուծոյ ներումին կարիքը չ՛ունինք։Իսկ եթէ ճշմարտութիւն մըն է որ մեզի ստրուկներու կը վերածէ, ուրեմն պէտք ունինք Տիրոջ` մեզ ազատելու համար այս ներքին ստրուկութենէն։
Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ խոտովանանելու կերպի մասին որ պէտք է ըլլայ ''դէմ առ դէմ'' ինչպէս ըրած է Սուրբ Պօղոս։ Ոմանք կ՝ըսեն , ես Աստուծոյ առջեւ կը խոստովանիմ մեղքերս, այս մէկը շատ դիւրին է, սակայն Սուրբ Պօղոս իր մեղքերը, դժուարութիւնները խոստովանեցաւ իր եղբայրներուն առջեւ` դէմ առ դէմ։
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց թէ մանուկներու անկեղծութեան։ Անոնք - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - խոստովանելու կ՝երթան եւ իրենց մեղքերը կը խոստովանին ոչ թէ ''ընդհանրական'' կերպով այլ կ՛ըսեն ''վարդապետ այս ինչ նախատինքը ըսի կամ ըրի եղբօրս կամ ազգականիս եւ բառը կը գործածեն։ Մանուկները պարզութեամբ կը խոստովանին իրենց մեղքերը, որովհետեւ անոնք ունին ճշմարտութեան պարզութիւնը։ Իսկ մենք մեծերս կը ձգտինք ծածկել մեր խեղճութեան ճշմարտութիւնը ։
Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզը եզրափակեց ըսելով` ''երբ մենք կը խոստովանինք մեր մեղքերը Աստուծոյ ներկայութեամբ, միշտ կը զգանք ''ամօթ զգալու'' շնորհքը։ Աստուծոյ առջեւ ամչնալը ՝ շնորհք մըն է։ Մտաբերենք Սուրբ Պետրոսը երբ լճակին մօտ Յիսուսի գործած հրաշքէն ետք Անոր ըսաւ ''Տէր հեռացիր ինծմէ, ես մեղաւոր մըն եմ''։ Սուրբ Պետրոս ամչցաւ իր մեղքէն, Յիսուսի սրբութեան առջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.